image
Հրատապ լուրեր:

Զօր. Նարեկ Աբրահամեան Արցախի դէպքերուն մասին զեկոյցով հանդէս պիտի գայ

Զօր.  Նարեկ Աբրահամեան Արցախի  դէպքերուն մասին  զեկոյցով հանդէս պիտի գայ

Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար Զօր. Նարեկ  Աբրահամեան  արցախեան վերջին դէպքերու վերաբերեալ զեկոյցով մը հանդէս պիտի  գայ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք   Զօրավարին մօտիկ կանգնող  աղբիւրէ: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ «Հայկական  վերածնունդ»  շարժումին  կողմէ  կազակերպուած  հանդիպան երեկոյի մը ընթացքին, որ պիտի կայացուի  Պէյրութի մէջ, վաղը ՝ 8   յուլիսին: Զօրավարը  պիտի խօսի Արցախի   քառօրեայ  պատերազմին  մասին, ինչպէս նաեւ իր տեսակէտները պիտի փոխանցէ Արցախի ընդհանուր անվտանգութեան    օրակարգին վերաբերեալ:  Զօր. Նարեկ Աբրահամեան  ազգային հերոս  Զօր.  Արկադի Տէր Թադեւոսեանի կոչին անսալով՝  լիբանանահայ այլ զօրավարներու  հետ  վերջերս այցելած էր Հայաստան ու Արցախ: Տեղին կը համարենք յիշեցնել, որ Զօր. Նարեկ Աբրահամեան  անկուսակցական է, եւ «Հայկական վերածնունդ» շարժումին կողմէ կազմակերպուած երեկոյթին իր մասնակցութիւնը  կը բխի  միայն ազգային   մտահոգութիւններէ: