Երկրորդ անգամն ըլլալով Ժըպրան Պասիլ «Ազգային ազատ հոսանք»ի նախագահ ընտրուեցաւ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Վի. Տի. Էլ.» կայանը։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Պասիլ ընտրուած է միաձայնութեամբ։
Այսօրուայ «Ազգային ազատ հոսանք»ը կը համարուի Լիբանանի քրիստոնէական ամենաուժեղ քաղաքական ուժը, որ հիմնուած է Լիբանանի ներկայիս նախագահ զօր. Միշէլ Աունի առաջնորդութեամբ։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ «Ազգային ազատ հոսանք»ը կը համարուի ամենամեծ քաղաքական պլոքը եւ անոր անդամ երեսփոխաններուն թիւն է 32: