Լիբանանի Պըրքայէլ քաղաքին մէջ կայանալիք «Ալ-Մուսթաքպալ» հոսանքի փառատօնի պատրաստութեան ժամանակ խումբ մը երիտասարդներու միջեւ անհատական խնդիր առաջացած է, որ զարգացած է կրակոցի, ինչի պատճառով «Ա.Խ.»ն ձախ ոտքէն վնասուածք ստացած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ լիբանանեան բանակի աշխատակիցները փորձած են լուծել ստեղծուած խնդիրը:
Աղբիւրի համաձայն բանակի աշխատակիցները կրցած են կալանաւորել հրաձիգը եւ հարցը լուծած է, վերականգնելով փառատօնի բնականոն ընթացքը: