image
Հրատապ լուրեր:

Ընտրութիւններէն մէկ շաբաթ առաջ «կիրքեր»ը կը բորբոքին. Կրակոց եւ վիրաւոր Լիբանանի մէջ

Ընտրութիւններէն մէկ շաբաթ առաջ «կիրքեր»ը կը  բորբոքին. Կրակոց եւ վիրաւոր Լիբանանի մէջ

Լիբանանի Պըրքայէլ քաղաքին մէջ կայանալիք «Ալ-Մուսթաքպալ» հոսանքի փառատօնի պատրաստութեան ժամանակ խումբ մը երիտասարդներու միջեւ  անհատական խնդիր առաջացած է, որ զարգացած է կրակոցի, ինչի պատճառով «Ա.Խ.»ն  ձախ ոտքէն վնասուածք ստացած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ լիբանանեան բանակի աշխատակիցները փորձած են լուծել ստեղծուած խնդիրը:

 

Աղբիւրի համաձայն բանակի աշխատակիցները կրցած են կալանաւորել հրաձիգը եւ հարցը լուծած է, վերականգնելով փառատօնի բնականոն ընթացքը: