image
Հրատապ լուրեր:

Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք բախումներ Պէյրութի մէջ

Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք  բախումներ Պէյրութի մէջ

Լիբանանեան Այշա Պաքքար շրջանին մէջ բախում տեղի ունեցած է մէկ կողմէ «Ամալ» շարժման ու «Հըզպալլա»ի համակիրներուն, միւս կողմէ «Մուսթաքպալ»ի համակիրներուն միջեւ:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, բախումը տեղի ունեցած է այն պահուն, երբ «Ամալ»ի եւ «Հըզպալլա»ի շքախումբը անցնելով յիշեալ շրջանէն «Մուսթաքպալ»ի համակիրներուն զայրոյթն առաջացուցած են, որմէ ետք բախումը զուգորդուած է նաեւ կրակոցներով:

Անմիջապէս դէպքի վայր ժամանած ոստիկանութեան աշխատակիցները հանդարտեցնելով ընդհարման մասնակիցները կանխած են լարոածութեան սրումը:

Նշենք, որ բախման անմիջական պատճառ հանդիսացած է ընտրութիւններու արդիւնքի հրապարակումը:

Աղբիւրին համաձայն, ոստիկանութեան աշխատակիցները շրջելով Այշա Պաքքարի թաղերը ձերբակալած են ընդհարման մասնակիցները: