image

Յառաջիկայ ընտրութիւններէն մէկ ակնկալիք պէտք է ունենալ. դուրս գալ այս բացասական մթնոլորտէն. Անդրանիկ Աշճեան

Յառաջիկայ ընտրութիւններէն մէկ ակնկալիք պէտք է ունենալ. դուրս գալ այս բացասական մթնոլորտէն. Անդրանիկ Աշճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ կիպրահայ տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան:

 

- Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Յառաջիկայ ընտրութիւններէն մէկ ակնկալիք պէտք է ունենալ. դուրս գալ այս բացասական մթնոլորտէն: Ինչպէ՞ս դուրս կու գանք՝ պիտի հարցնէք: Առաջին հերթին, ձերբազատուելով մեր անցեալապաշտութենէն: Ամէն ազգ ունի ի'ր պատմութիւնը, բայց իր պատմութեան պատանդը պէտք չէ դառնայ: Մենք եւս, որպէս ազգ, որպէս պետութիւն, որպէս հաւաքականութիւն պէտք է սկսինք դէպի առաջ, դէպի ապագայ նայիլ. կերտուածին ու կերտողին լաւագոյն յարգանքը զայն պահպանելով կը մատուցուի: Այդ երիտասարդին, այդ ծնողին, այդ երեխային պէտք է հրամցուի ի'ր երկրին մէջ ապրելու, գոյատեւելու, ստեղծագործելու հնարաւորութիւնը:

 

-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի,  մեծ  հաշուով բախումներու կամ  յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։

Մթնոլորտը իսկապէս մտահոգեցուցիչ է: Ամէնուրեք կը հնչեն ծանր խօսքեր (ամենաթեթեւ ածականը գործածեցի): Քաղաքականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, երկիր ղեկավարելը ամբոխավարութիւն չէ: Քիչ մը մեր հայեացքները նետենք Յունիս 20էն անդին: Ընտրութեան յաջորդ իսկ օրը ընտրապայքարը կը դադրի, ու գործը կը սկսի: Յունիս 20ը վերջը չէ, այլ սկիզբն է: Ո'վ որ ալ ըլլայ վարչապետի պաշտօնին ընտրուողը, Ազգային Ժողովին մէջ որպէս ընդդիմադիր, որպէս զրուցակից պիտի ունենայ նաեւ միւս քաղաքական ուժերը: 

Այս մարդիկը, վաղուայ մեր քաղաքական ղեկավարները ինչպէ՞ս պիտի գործեն ժողովրդավարօրէն ընտրուած խորհրդարանի միջավայրին մէջ, երբ իրարու հետ զրուցելու իսկ հանդուրժողականութիւնը չունին: Կը պակսի քաղաքական խօսքը, երկխօսութիւնը: Ամէն ինչին եթէ փողոցի մակարդակով, ջարդ ու փշուրով, հայհոյանքով մօտենան այսօր՝ ընտրութիւններու շեմին, ինչպէ՞ս վաղը պիտի քով-քովի գան կամ դէմ-դիմաց նստին ու իրենց առջեւ դրուած մարտահրաւէրներուն լուծումներ գտնեն:

 

- Նոր խորհրդարանի  կազմութենէն  ու կառավարութեան  կազմութեան  յաջողումէն ետք  ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի  իշխանութիւններուն ընելիքները։

Նոր իշխանութեան առաջնային ընելիքը պէտք է ըլլայ երկիրը կայունացնելը՝ ներքին ու արտաքին իմաստով: Ներքին՝ վերջ տալով անխնայ լարուածութեան եւ ապագային նկատմամբ յոյս ներշնչելով, գործնական քայլերով վերակազմակերպելով ողջ պետական մեքենան (ներառեալ զինուած ուժերը), ապահովելով ազատ շուկայի հնարաւորութիւնները յօգուտ թէ՛ մեծ կամ փոքր գործատէրին, եւ թէ ալ աշխատաւորին, եւ վերջապէս՝ լուրջ հիմքերու վրայ ստեղծելով փտածութիւնը կանխելու համակարգ:

Արտաքին գետնի վրայ՝ կը հաւատամ թէ մի քանի բան ունինք անելիք.-

Առաջին հերթին երկիրը պէտք է դուրս գայ մշտական պատերազմական գօտիի հոգեբանութենէն: Թէ՛ քաղաքացին, եւ թէ ալ միջազգային հանրութիւնը յոգնած են երկարամեայ անորոշ ու անապահով վիճակէն:

Երկրորդ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս ինքնիշխան պետութիւն, ո'չ ռուսին, ո՛չ եւրոպացիին, ոչ ալ ամերիկացիին արփանեակն է: Միջ-պետական յարաբերութիւնները եւ դաշինքները կը մշակուին նկատի ունենալով երկրին շահերը, որոնք կրնան տարբերիլ  քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական ոլորտներուն մէջ:

Երրորդ՝ միջազգային հանրութեան պէտք է վստահեցնել թէ մենք այլեւս հասունցած ենք որպէս պետութիւն ու պատրաստ ենք մեր հարցերը լուծել երկխօսութեամբ: