«Երեւան սիթի»-ի գլխամասային գրասենեակը փակ է: «Թերթ.ամ»-ի հաղորդմամբ դիմակաւոր, համազգեստ կրող անձեր քանի մը քաղաքացիներիներ ուղեւորած են դէպի ինքնաշարժեր:
ՊԵԿ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը յայտարարութիւն տարածած է՝ տեղեկացնելով, որ իրենք կապ չունին:
«Այսօր առաւօտեան առանձին ելեկտրոնային լրատուամիջոցներ լուրեր տպագրած են, թէ իբր ՊԵԿ դիմակաւորուած աշխատակիցները մուտք գործած են «Երեւան Սիթի»-ի գլխաւոր գրասենեակ եւ ԱԺ պատգամաւոր Ս. Ալեքսանեանի առանձնատուն: Պետական եկամուտներու կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ վերոյիշեալ գործողութիւններու հետ ՊԵԿ աշխատակիցները որեւէ առընչութիւն չունին»,- ըսուած է հերքման բնաբանի մէջ:
Նշենք, որ Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխնախագահ Ռաֆիկ Մաշատեան վստահեցուցած է, որ «Երեւան Սիթի»-ի ցանցի մէջ Պետական եկամուտներու կոմիտէն որեւէ ստուգում չէ իրականացուցած: Այսօր ԱԺ–ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ան ըսած էր, որ իր տեղեկութիւններով՝ տուեալ տնտեսաւարողի մօտ գործողութուններ կ'իրականացնին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։
Լուրը՝ «ԹԵՐԹ» կայքէն