image
Հրատապ լուրեր:

Yerevan City-ն քննութեանց տա՞կ

Yerevan  City-ն  քննութեանց  տա՞կ

«Երեւան սիթի»-ի գլխամասային գրասենեակը փակ է: «Թերթ.ամ»-ի հաղորդմամբ դիմակաւոր, համազգեստ կրող անձեր քանի մը քաղաքացիներիներ ուղեւորած են դէպի ինքնաշարժեր:

ՊԵԿ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը  յայտարարութիւն տարածած է՝ տեղեկացնելով, որ իրենք կապ չունին:

«Այսօր առաւօտեան առանձին  ելեկտրոնային լրատուամիջոցներ լուրեր  տպագրած են, թէ իբր ՊԵԿ դիմակաւորուած աշխատակիցները մուտք գործած են «Երեւան Սիթի»-ի գլխաւոր գրասենեակ եւ ԱԺ պատգամաւոր Ս. Ալեքսանեանի առանձնատուն: Պետական եկամուտներու կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ վերոյիշեալ գործողութիւններու հետ ՊԵԿ աշխատակիցները որեւէ առընչութիւն չունին»,- ըսուած է հերքման բնաբանի մէջ:

Նշենք, որ Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխնախագահ Ռաֆիկ Մաշատեան վստահեցուցած է, որ «Երեւան Սիթի»-ի ցանցի մէջ Պետական եկամուտներու կոմիտէն որեւէ ստուգում չէ իրականացուցած: Այսօր ԱԺ–ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ան ըսած էր, որ  իր տեղեկութիւններով՝ տուեալ տնտեսաւարողի մօտ գործողութուններ  կ'իրականացնին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։

Լուրը՝ «ԹԵՐԹ» կայքէն