Լիբանանի վարչապետ Սաատ Ալ Հարիրի Սուրիոյ մօտ Լիբանանի դեսպան նշանակելու վերաբերեալ որոշում ստորագրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Sky News» լրատուական կայքը:
Կայքին փոխանցմամբ, Հարիրիի կողմէ առաջադրուած դեսպանը Սաատ Զախիան է, որուն նշանակման վերաբերեալ Սուրիոյ պատասխանը դրական եղած է:
Լիբանանեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, Զախիա դեսպանի իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ նոյեմբերի սկիզբը:
Ըստ տեղեկութիւններու, դեսպանը պիտի դիմաւորուի Սուրիա-Լիբանան սահմանին, որմէ ետք վերջինս իր հաւատարմագիրերը պիտի յանձնէ նախագահ Ասատին:
Այնուհետեւ Զախիա պիտի տեղափոխուի Դամասկոսի մէջ գտնուող դեսպանատուն, եւ այժմու Լիբանանի դեսպանի պաշտօնակատար Ֆարահ Նապիհ Պրրիի հետ փաստաթուղթերու յանձնում եւ ստացում պիտի կատարուի: