image

Որովհետեւ կը ճանչնանք զիրար

Որովհետեւ կը ճանչնանք զիրար

«Արեւելք»ի (www.arevelk.am) դիմատետրի եւ «Հաւանում»ի էջերը երէկ մեծ արդիւնքներ գրանցեցին, պատճառը միայն մեր բոլորին սիրելի Ատիս Հարմանտեանի մահուան բօթը առաջինը տալը չէր, այլ մեր ընթերցողներուն անմիջական կապը «Արեւելք»ին հետ ու նաեւ ձեռքբերուած վստահութիւնը։ Շնորհակալ ենք ձեզի, ձեր իւրաքանչիւրին, շնորհակալ ենք ձեր տուած վստահութեան համար, որ միեւնոյն ժամանակ պատասխանատւութեան զգացում է...

 
«Արեւելք»ը ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղն ալ պիտի շարունակէ մնալ արեւմտահայութեան ձայնը, սփիւռքի անկեղծ եւ իրաւ ձայնը, պատասխանատւութեան զգացում  ունեցող   եւ  հայութեան  խնդիրներուն  հանդէպ  մտահոգ   հայորդիներու  ձայնը։