Պարէտի նոր որոշումով՝ դիմակ կրելը որոշ պարագաներուն պարտադիր չէ Նիկոլ Փաշինեանի, Արարատ Միրզոյեանի, նախագահի, կաթողիկոսի եւ շարք մը այլ պաշտօնեաներու համար։
Որոշումին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Ղեկավարուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2020 թուականի 16 մարտի N 298 որոշումով՝ ՀՀ պարէտի՝ 2020 թուականի 18 օգոստոսի «Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքին վրայ կիրառուող ժամանակաւոր սահմանափակումներու եւ կանոններու վերաբերեալ» N 253 որոշման մէջ կատարել հետեւեալ փոփոխութիւնները եւ լրացումները՝
1. Որոշման 5-րդ կէտը լրացնել «է» ենթակէտով՝ հետեւեալ բովանդակութեամբ՝ «է. Հանրապետութեան նախագահի, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, վարչապետի, Ազգային ժողովի նախագահի, Սահմանադրական դատարանի նախագահի, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի գլխաւորութեամբ կատարուող արարողակարգային միջոցառումներու ժամանակ ելոյթ եւ ուղերձ ունեցողներու եւ միջոցառման անմիջական մասնակիցներու՝ բացառութեամբ հանդիսականներուն, հիւրերուն, լրագրողներուն եւ սպասարկող անձնակազմին»։
2. Որոշման յաւելուած N 2-ի 1-ին կէտի 4-րդ ենթակէտի «ՀՀ վարչապետի մօտ հրաւիրուած խորհրդակցութիւններու» բառերէն յետոյ լրացնել «եւ հանրապետութեան նախագահի, Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, վարչապետի, Ազգային ժողովի նախագահի, Սահմանադրական դատարանի նախագահի, Բարձրագոյն դատական խորհրդի նախագահի գլխաւորութեամբ կատարուող արարողակարգային միջոցառումներու ժամանակ» բառերը»։