image

Լանջախաչ կրելու իրաւունք Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանին

Լանջախաչ կրելու իրաւունք Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանին

 

Վերջերս կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանը իրաւունք ստացած է լանջախաչ կրելու։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայր Յովակիմ Սերովբեանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.-

«Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Մայիս 2021, Շաբաթ, յետ միջօրէին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, Աթոռոյս տարեդարձին գեղեցիկ անակնկալով մը Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանին շնորհեց լանջախաչ կրելու արտօնութիւնը։ Այս առիթով մաղթեց որ Ս. Խաչի սպասաւորներ, խաչի զօրութեամբ արժանանան Տիրոջ օրհնութեան»։

Նշենք, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 560-ամեակը։