image

«Որպէսզի մեր աղօթքները լսելի դառնան» Հալէպահայ Եսայի Գոզեանի նուիրատուութիւնը

«Որպէսզի  մեր  աղօթքները լսելի դառնան» Հալէպահայ Եսայի Գոզեանի  նուիրատուութիւնը

Ծանրագոյն   պատերազմի ճիրաններէն    դուրս եկած    Հալէպ քաղաքը     կը շարունակէ դանդաղ, բայց հաստատ  քայլերով վերականգնումի     իր քայլերը:  Այս ծիրին մէջ  ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հալէպահայ        Եսայի Գոզեան      նուիրատութիւն մը կատարած է   Հալէպի հայկական թաղամասերուն  մերձ եղող      եւ ծանր վնասներու ենթարկուած  Մզկիթի մը,  գումար  տրամադրելով եւ      Մզկիթի   պատասխանատու մարմիններուն նուիրելով    ձայնային   ամբողջ  համակարգ մը  (միքրոֆոններ):

 Այս  մասին լուրը տրուած է Հալէպի  մասին   լուրեր տարածող   դիմատետրի էջերէն մին, որ դրուատիքով    խօսած է  հալէպահայ երիտասարդին   նախաձեռնութեան մասին  նշելով, որ «Մեր շրջաններու     հալէպահայ  երիտասարդը ազնուական         քայլով մը    շրջանի մզկիթը օգտեց ձայնային համակորգով, որպէսզի  մեր աղօթքները լսելի դառնան»:

  Երկար  տարիներու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան      փայլուն օրինակ  հանդիսացող Հալէպ քաղաքը  յատկանշական է   հայութեան համար: Յատկանշական է  նաեւ այն իմաստով, որ Ցեղասպանութենէն  ճողոպրած մեր նախահայրերը   հոն     գրակաբաց ընդունուած   են     դառնալով այդ  պատմական  քաղաքի   իսլամ     հասարակութեան   հոգատարութեան         եւ ուշադրութեան     առարկայ:

 Այդ    առումով է նաեւ, որ  հալէպահայ սերունդներ աճելով ու մեծնալով   տարածուած են  ամբողջ   սփիւռքի  մէջ   դառնալով  արեւմտահայ   լեզուի եւ մշակոյթի  մշտական դեսպաններն ու  լուսատու  ջահերը: