image
Հրատապ լուրեր:

Որպէսզի մամուլին մէջ երեւցող թիւ եւ լուսանկար չդառնանք. Մարալ Մանոյեան Եագուպեան

Որպէսզի մամուլին մէջ երեւցող թիւ եւ լուսանկար չդառնանք. Մարալ Մանոյեան Եագուպեան

Խօսակիցս եւ անոր ընտանիքի անդամները այսօր ալ պատերազմի ծանր հետեւանքերը կ'ապրին: Մարալ չէ մոռցած Հալէպի թէժ առօրեան, Հալէպը տակաւին գոյ էր անոր յիշողութեան մէջ, իբրեւ ծննդավայր, գեղեցիկ քաղաք եւ յիշատակներու շտեմարան: Մարալ մեր զրոյցի ընթացքին յիշեց առաջին պահը, երբ ձգեցին ծննդավայր Հալէպը եւ ըսաւ. «Մեզէ հեռու տեղի ունեցող հակամարտութիւններու վախազդու ձայները, կարծես նախազգացում եղան, որ լքենք Հալէպը եւ չ'ապրինք գալիք բարբարոսութիւնները»: 

Մարալ իր ամուսնոյն եւ երկու զաւակներուն հետ ամենամօտիկ ապաստան ընտրելով հասան Լիբանան

Խօսակիցս, փորձելով չյիշել Պէյրութի արտաքուստ ուրախ, սակայն ներքնապէս յուզիչ օրերը կը պատմէ. «Բոլորիս ալ յայտնի է, թէ ինչ զատողութիւններու կը մատնուին բոլոր սուրիահայերը, առանց խտրութեան: Սկիզբը տառապեցանք անգործութենէ, բայց վերջը ստիպուեցանք հոգնեցուցիչ, բայց քիչ վճարումով գործ մը աշխատիլ»: 

Հալէպահայ ընտանիքին առջեւ «Բախտը խնդացած էր» եւ յունական «վիզա» առնելով, շուտով պիտի «ազատէին» Լիբանանի ընկերային «բարբարոսութենէն»: Մարալ պահ մը, իրենց նոր կեանքի ծնունդը յիշելով աւելցուց. «Լիբանանի տառապանքի օրերը դժուար, սակայն արագ անցան, բաղդատած՝ այլ սուրիահայերու չարչարանքները: Մեզի համար մեծ ուրախութիւն էր, երբ դեսպանատունէն զանգեցին եւ տեղեկացուցին, թէ մեր օրինական մուտքի արտօնութիւնը արդէն պատրաստ է:Անշուշտ շնորհիւ յունաստանաբնակ հարազատ եղբայրներուս, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին մեզ տեղափոխելու դէպի, իրենց մօտ»: 

Եագուպեան ընտանիքը, ուրիշ այլ հալէպահայ ընտանիքներու նման, աւելի բարելաւուած ընկերային, տնտեսական կեանք մը ապահովելու համար կ'որոնեն արտագաղթի որեւէ մէկ միջոց: Ըլլայ այդ մէկը հեռաւոր կամ մօտիկ ափեր, թերեւս երթային դէպի անյայտ ապագայ: Հալէպի մէջ կար տագնապ եւ պատերազմ, իսկ Լիբանանի մէջ կային ՝ ընկերային, նիւթական եւ բարոյական բարդ հարցեր: Անոնք  ի վերջոյ հասան Յունաստան, ուր ինչպէս բոլորիս յայտնի է կայ տնտեսական տագնապ: Մարալ ստիպուած թողնելով Լիբանանը կը մեկնի Յունաստան իր փոքր ընտանիքին հետ: 

Մարալ ամենայն դիւրութեամբ կը պատմէ, իր նոր կեանքին սկիզբին մասին ու կ'ըսէ. «Յունաստանը եւս եղաւ կայարան մը, ուր պէտք էր սպասէինք մեր կեանքը բարելաւող շոքեկառքին: Այդպէս ալ եղաւ, երբ ընտանեկան որոշումով մեր աչքերը ուղղեցինք դէպի Հոլանտա: Նախ իր լուսանկարներով եւ ետքը աշխարհագրական պայմաններով գրաւելէ մերնայուածքներւ ահա երեք տարիէ ի վեր այստեղ ենք»:

Ահա հալէպահայ ընտանիք մը, որ կ'ապրի, իր պանդխտութիւնը: Կեանք մը մարդկային լիարժէք իրաւունքներով, սակայն այսօր զիրենք հալածող տագնապը աւելի սարսափելի է, քան պատերազմը: «Բոլոր լաւութիւններու կողքին, մենք ունինք դժուարութիւն մը, որ ամենացաւալին է նայած նախորդ տարիներու մեր ապրած փորձառութիւններուն: Մենք եկանք հոս ապրելու համար լիարժէք իրաւունքներով, սակայն եկանք նոր երկիր մը, ուր պիտի սկսինք նոր կեանք ունենալով նոր շրջանակ ու միջավայր: Մենք հոս կ'ապրինք ֆիզիքապէս հանգիստ կեանք՝, սակայն միայն այդքան: Մեզի համար հայու մը հանդիպիլը երազ է»: 

Հոլանտայով եւ հայու մը հանդիպելու երազով կ'ուզէի փակել հարցազրոյցը: Մարալ իր կարգին վերջին խօսք մը ուզեց ուղղել հալէպահայութեան եւ ըսաւ. «Սուրիոյ պատերազմը, մանաւանդ Հալէպի մէջ կատարուածները սկիզբի թուական ունեցան, բայց առանց վերջաբանի: Ներքին պատերազմով սկսած արհաւիրքը այսօր կը շարունակուի իբրեւ «համաշխարհային պատերազմ» դէպի անյայտ եւ մութ ապագայ: Ձեզի կոչ կ'ուղղեմ քաջ եղէք եւ պատերազմի սահմաններով մի՛ սահմանափակէք ձեր կեանքերը: Այստե'ղի մեր ապրած փորձառութենէն ետք խրատս է, որ մեր միակ ապաստանը, մեր հայրենիք Հայաստանն է: Մենք  պարտաւոր ենք  ապրիլ, որպէսզի ետքը Սուրիա վերադառնանք զայն կանգնեցնելու եւ կառուցելու համար: Քան թէ դառնանք լոկ թիւ ու լուսանկար մամուլի մէջ»:

 

 

Նիւթը «Արեւելք»ին համար  պատրաստեց ՝ Յովիկ Շէհիրեան