«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը սկսած է Ազգային ժողովի շէնքի մօտ՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամներ Նարեկ Կարապետեանի եւ Դաւիթ Ղազինեանի ճեպազրոյցով։
Նարեկ Կարապետեանն ընդգծած է, որ իշխանութեան գալու պարագային իրենք այնպիսի ծրագիրներ պիտի իրականացնեն, որ մարդիկ իրենց գրպանի վրայ զգան փոփոխութիւնները, զգան, որ իրենց կեանքի որակը փոխուած է։
«Մենք նախատեսում ենք ամսական 100-150 հազար դրամ տալ 5-ից աւելի անդամ ունեցող եւ ծայրայեղ աղքատ իւրաքանչիւր ընտանիքի։ Այդ գումարի 70 տոկոսը տալու են աշխարհի հարուստ հայ գործարարները, եւ միայն 30 տոկոսով մասնակցելու է պետութիւնը»,-ըսած է Կարապետեանը։
Ան, դիմելով Հայաստանի ժողովուրդին, կոչ ըրած է մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ, եթէ կ՚ուզեն փոփոխութիւններ, քուէարկեն իրենց ուժի օգտին։
Դաւիթ Ղազինեանն ալ շեշտած է՝ կասկած չունի, որ առաջիկայ ընտրութիւններուն իրենք յաջողութեան պիտի հասնին։
Անոր խօսքով՝ իրենց ուժը ներկայացուցած է իրատեսական ծրագիր, ժողովրդահաճոյ խոստումներ պիտի չտայ, ժողովուրդի հետ պիտի ըլլայ անկեղծ՝ ըսելով միայն ճշմարտութիւնը։
«Մենք գնում ենք առաջ եւ վստահ ենք, որ ունենալու ենք ուժեղ Հայաստան»,-ըսած է Ղազինեանը։
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ծրագրին կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղմամբ։