Վենետիկի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայ կաթողիկէ համայնքի միաբաններէն Տ. Վարդան եպս. Քէշիշեանը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը: Նշենք, որ գերապայծառ Քէշիշեան երկար տարիներ եւ մասնաւորապէս Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Տ. Ներսէս Եպս. Տէր Ներսէսեանի առաջնորդութեան օրերուն որպէս փոխ առաջնորդ ծառայած է հայրենիքի մէջ հովուական գործունէութիւն ծաւալելով յատկապէս Կիւմրիի մէջ:
Վախճանեալ գերապայծառը ծնած էր Քեսապ:
Գերապայծառի յուղարկաւորութեան ու վերջին օծման արարողութեանց մասին լրացուցիչ պիտի հաղորդենք աւելի ուշ: