Վենեզուելայի ժողովուրդը կը պայքարի ժողովրդավարութեան եւ իր ճակատագիրը ազատ որոշելու հնարաւորութեան համար: Այս մասին ըսուած է Վենեզուելայի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Եւրոմիութեան խորհուրդի տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Ժողովուրդի ձայնը կարելի չէ անտեսել: Եւրոմիութիւնը կոչ կ'ընէ սկսիլ քաղաքական գործընթաց, որ կը բերէ, Սահմանադրութեան համապատասխան, երկրի մէջ ազատ եւ վստահելի ընտրութիւններու իրականացման», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Եւրոմիութիւնը նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է Վենեզուելայի Ազգային ժողովին:
Վենեզուելայի մէջ արդէն երկրորդ օրը ընթացող բողոքի ցոյցերու հետեւանքով զոհուած է 13 մարդ, կը հաղորդէ AFP-ն `վկայակոչելով իրաւապաշտպանները:
Շատերու մահուան պատճառը հրազէնային վնասուածքներն են:
Յիշեցնենք, որ Վենեզուելայի մէջ քաղաքական տագնապ մը ընթացք կ՚առնէր, երբ երկրի խորհրդարանի նախագահ՝ Խուան Կուաիտօն չէր ընդուներ նախագահական ընտրութեանց արդիւնքները եւ ինքզինք կը հռչակէր երկրի նախագահ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ