image

Փաշինեան գոհ է «շրջեցինք ընտրութիւններու կեղծման էջը»

Փաշինեան գոհ է «շրջեցինք ընտրութիւններու կեղծման էջը»

Մենք բարեյաջող աւարտեցինք խորհրդարանական ընտրութիւնները, միջազգային, տեղական դիտորդներու արձանագրումը միանշանակ է, որ ընտրութիւնները անցած են ժողովրդավարութեան չափանիշերուն համապատասխան, նոր ստանդարտ (ստուգատիպ) սահմանած ենք։ Այս մասին 24 Յունիսին կառավարութեան հերթական նիստի ժամանակ ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով ընտրութիւններուն։

«2018 թուականին, երբ ընտրութիւններ տեղի ունեցան, միջազգային հանրութիւնը աննախադէպ բարձր գնահատականի արժանացրեց, այդ ժամանակ կար կոնտեքստ (բնաբան), որ ընտրութիւնների արդիւնքները նախապէս ակնյայտ էր բոլորի համար եւ գործող կառավարութիւնը, այսպէս ասած, կեղծելու անհրաժեշտութիւն չունէր։ Այս ընտրութիւնների արդիւնքները կանխատեսելի չէին, եւ բոլորը գիտէին, որ 3-րդ հանրապետութեան պատմութեան թերեւս ամենաանկանխատեսելի ընտրութիւններն էինք անցկացուում, եւ շատ կարեւոր է, որ մենք արձանագրեցինք մեր քաղաքական կամքը, արժեհամակարգը»,–ըսած է ան։

Նիկոլ Փաշինեանը նկատած է,  որ թէեւ յարուցուած են քրէական գործեր, սակայն համոզմունք յայտնած է, որ պատշաճ քննութիւն եւ ընթացք կը ստանան։ «Բայց ուզում եմ հաւատալ, որ ՀՀ–ում ընտրութիւնների արդիւնքների կեղծման էջը իսկապէս անշրջելիօրէն փակուած է»,–ըսած է ան եւ կարեւոր համարած այն արձանագրումը, որ ՀՀ քաղաքացին ինք կ'որոշէ իշխանութեան ճակատագիրը։