image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետ Փաշինեանի ներկայութեամբ Խնձորեսքի մէջ նշուած է «Սպարապետի օր»ը

Վարչապետ Փաշինեանի ներկայութեամբ Խնձորեսքի  մէջ նշուած է «Սպարապետի օր»ը

Հայաստանի մէջ այսօր   կը նշուի  «Սպարապետի օր»ը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու կառավարութեան անդամները Խնձորեսքի են եւ կը մասնակցին տօնական միջոցառումներուն:  Զանգեզուրի անառիկ ժայռերուն մէջ կը գտնուի  ազգային հերոս՝ Դաւիթ Բեկի զինակից, Սիւնիքի ազատագրական պայքարի ղեկավար՝ Մխիթար Սպարապետի գերեզմանը:  Գերեզմանին մօտ,  հայկական  Զինուած ուժերու նորակոչիկները զինուորական երդում տուած են: Պաշտօնական արարողութենէն  ետք  վարչապետն ու կառավարութեան անդամները շրջած են Խնձորեսքիի մէջ եւ զրուցած բնակիչներուն հետ: