Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի «Սպարապետի օր»ը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու կառավարութեան անդամները Խնձորեսքի են եւ կը մասնակցին տօնական միջոցառումներուն: Զանգեզուրի անառիկ ժայռերուն մէջ կը գտնուի ազգային հերոս՝ Դաւիթ Բեկի զինակից, Սիւնիքի ազատագրական պայքարի ղեկավար՝ Մխիթար Սպարապետի գերեզմանը: Գերեզմանին մօտ, հայկական Զինուած ուժերու նորակոչիկները զինուորական երդում տուած են: Պաշտօնական արարողութենէն ետք վարչապետն ու կառավարութեան անդամները շրջած են Խնձորեսքիի մէջ եւ զրուցած բնակիչներուն հետ: