Աշուրայի սգատօնը կը նշուի իսլամներու համար սրբազան Մուհարամ ամսուն (իսլամական օրացոյցի առաջին ամիսը) տասներորդ օրը, որ կը համընկնի Մոհամէտի թոռան՝ Հիւսէյն Պըն Ալիի սպաննութեան օրուան, Իրաքի Քարպալաա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտին: Ամբողջ աշխարհի շիիթ-իսլամները կը նշեն Իմամ Հիւսէյնի նահատակման օրը: Սգոյ արարողութիւններ կ'իրականացուին Իրանի, Ազրպէյճանի, Աֆղանստանի, Լիբանանի, Փաքիստանի, Պահրէյնի եւ այն երկիրներու մէջ, ուր կան շիիթ համայնքներ:
Սգատօնի առաջին տասը օրը հաւաքներուն մասնակիցները կը սգան Հիւսէյնի նահատակութեան օրը, իսկ ամբողջ ամսուան ընթացքին («Շահր մուհարրամ») կը կատարուին կրօնական տարբեր ծէսեր: Փողոցներուն մէջ կազմակերպուող երթերուն կը մասնակցին տղամարդիկ, որոնք թմբուկներու ռիթմիկ զարկերու ներքոյ շղթաներով իրենք զիրենք կը ծեծեն: Ինքնախարազանումը կը խորհրդանշէ Քուֆայի բնակիչներու ապաշխարանքը եւ վիշտը, որոնք դաւաճանեցին Իմամը: Կանայք կը նստին ճանապարհի եզրին, անոնց մէկ մասը կու լայ, միւսները՝ կուրծքերնուն կը հարուածեն: Բոլոր մասնակիցները կ'ըլլան սեւազգեստ են: Որոշները 40 օր սեւ կը հագուին:
Նշենք, որ վերջին տարիներուն եւ, անսալով լիբանանցի շիիթ կրօնական յայտնի գործիչ Սայէտ Մոհամմատ Հասան Ֆատլալայի (մահացած Պէյրութ 2010-ին), Պէյրութի եւ լիբանանեան հարաւային շրջաններուն մէջ կրօնական արարողութեանց մասնակից հաւատացեալները կը հրաժարին իրենք զիրենք խոցելէ եւ դաշոյններով կամ գօտիներով հարուածելէ: