image

Տումայի «քիմիական գրոհ»ին մասին հակասական տեղեկութիւններ

Տումայի «քիմիական գրոհ»ին մասին հակասական  տեղեկութիւններ

«Ժայշ Ալ-Իսլամ» խմբաւորումը մեղադրեց սուրիական վարչակարգը Տումայի մէջ քիմիական մահացու յարձակում գործադրելու մէջ: Մարդասիրական-բժշկական կազմակերպութիւններ յատնած են, որ շրջանին մէջ սպանուած  է  35 մարդ երկու քիմիական յարձակումներու ընթացքին:

Սուրիական պաշտօնական լրատումիջոցները հերքած են լուրը, ըսելով, որ Դամասկոսի արեւելեան Ղութայի Տումա քաղաքի ընդիմադիր զինեալները կը գտնուին փլուզման վիճակի մէջ եւ այդ իսկ պատճառով կեղծ լուրեր կը տարծեն:

Իր կարգին Ամերիկայի արտաքին գործերու  նախարարութիւնը յատնեց, որ ենթադրեալ քիմիական յարձակման մասին մեծածաւալ զոհերու մասին լուրը սարսափելի է եւ եթէ հաստատուի, միջազգային արձագանք պիտի պահանջէ:

Նշենք, որ անցնող օրերուն Սուրիոյ կառավարութիւնը յաջողեցաւ հսկողութիւնը վերականգնել արեւելեան Ղութայի բոլոր շրջաններուն վրայ, բացի Տումա  շրջանէն, որ ցարդ կը շարունակէ մնալ «Ժայշ ալ Իսլամ»ի ահաբեկիչ  զինեալներու  տիրապետութեան  տակ: