image

«Իշխանասարի ուղղութեամբ ընթացող մարտերու մասին» տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան. ՀՀ ՊՆ

«Իշխանասարի ուղղութեամբ ընթացող մարտերու մասին» տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան. ՀՀ ՊՆ

12 Մայիսի վաղ առաւօտեան ատրպէյճանական զինուժը, «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորմամբ, փորձած է որոշակի աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ։ Հայկական ստորաբաժանումներու ձեռնարկած միջոցառումներէն ետք ատրպէյճանական զինուորականները դադրեցուցած են այդ աշխատանքները։ Այս պահուն կ'ընթանան բանակցութիւններ՝ ստեղծուած իրավիճակը հարթելու ուղղութեամբ, յայտնած են ՀՀ ՊՆ-էն:

Մամուլին մէջ տարածուող տեղեկութիւնները «Իշխանասարի ուղղութեամբ ընթացող մարտերու մասին» չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Նման զարգացումներու պարագային պաշտպանութեան նախարարութիւնը առաջինը հանդէս կու գար յայտարարութեամբ։