image

Նախնական տեղեկութիւններով ատրպէյճանցիք պէտք է ետ քաշուին. Զօր. Մուրատով

Նախնական   տեղեկութիւններով  ատրպէյճանցիք  պէտք  է  ետ    քաշուին. Զօր.  Մուրատով

Արցախի խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար՝ Ռուստամ Մուրատովի մասնակցութեամբ բանակցութիւնները այսօր աւարտած են, նախնական տեղեկութիւններով ատրպէյճանցիք պէտք է ետ նահանջեն: Այս մասին ըսաւ Սիւնիքի Վերին Ակներ գիւղի համայնքապետ՝ Սպարտակ Մինասեան:

«Նախնական տեղեկութիւններով նրանք պէտք է յետ քաշուեն, լարուածութիւնը իջնի, յետոյ դիրքեր պէտք է դնեն: Բայց դիրքերը մեր բնակավայրերի մօտ չեն լինելու»,- ըսաւ  ան` աւելցնելով, որ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ աւելի ուշ կը տրամադրէ:

Այսօր, ՀՀ ՊՆ-ը յայտնած էր, որ գիշերը ատրպէյճանական կողմը փորձած է թիկունքային ապահովման որոշակի աշխատանքներ իրականացնել, ինչ որ կանխուած է հայկական ստորաբաժանումներու կողմէ:

Սիւնիքի մէջ բանակցութիւնները այսօր վերսկսած են. կը մասնակցի զօրավար Մուրատովը