Հալէպի հայկական եկեղեցիներուն մէջ այսօր նշուած է Ծաղկազարդի տօնը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:
Այս առթիւ պատարագ մատուցուած է Հալէպի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներուն եւ յատկապէս Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցիներուն մէջ, որմէ ետք ալ տեղի ունեցած է Ծաղկազարդի տօնին յատուկ «մանուկներու թափօր»ը:
Նշենք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ պատարագած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան արք. Սարգիսեան, իսկ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Հայ Կաթողիկէ առաջնորդ Տ. Պետրոս արք. Միրիաթեան:
Արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերած են մեծ թիւով հաւատացեալներ:

![]()