image

Տիրապետութեան Ոգին. Ռուբէն Զարդարեան

Տիրապետութեան Ոգին. Ռուբէն  Զարդարեան

Թուրք մամուլն ու թուրք հրապարակագիրները ամէն բանէ առաջ նպատակ ունենալու են իրենց հասարակութեան մտաւորական ու հոգեկան ազատագրութեան նուիրուելու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրական եւ տեւական սահմանադրութիւն մը պահպանել այս երկրին մէջ:

Եւ այդ ազատագրութիւնը խափանող առաջին ու մեծագոյն արգելքը՝ տիրապետութեան բնազդն է որը փոխանակ քեցելու, ափսո՜ս, աւելի խստացնել, աւելի ուժեղացնել կը ջանան կարծես, օրինակի համար «Թանին»ի պէս թերթերն անգամ:

Ցնորք է կարծել թէ փիրտ ուժով, սպառնալիքներով եւ կամ օրէնքի խարդաւանանքներով ու սեղմումներով կարելի պիտի ըլլայ ո՛ եւ է տարրի գերիշխանութիւն տալ այս պետութեան մէջ, երբ այդ տարրը իր մտքի բարձրութեամբ, իր արուեստով, իր cultureով ու իր ընդունակութիւններով չունի բնական այդ գերիշխանութիւնը: Եթէ իրաւցնէ  թուրք տարրը օժտուած է այդ յատկութիւններով՝ հարկ չկայ ուրեմն շեշտելու եւ բռնադատելու, բարեշրջութեան ու ընկերային օրէնքներու համաձայն, անիկա կոչուած է միշտ բռնելու պետական կեանքին մէջ առաջին շարքը. իսկ եթէ, ընդհակառակը, զուրկ է նոյն յատկութիւններէն՝ իրաւունք չունի եւ չի կրնար արգիլել միւս ժողովուրդները, որ կանգ առնեն իրենց զարգացման մէջ, որ դադրին իրենց առաւելութիւնները արդիւնաւորելէ, որ հարկադրուին ստրկանքի, յետամնացութեան եւ ստորադասութեան: Անօգուտ եւ անարդար պահանջ մըն է ասիկա՝ որ չէ յաջողած ոչ մէկ երկրի մէջ եւ յաջողութիւն գտնելու ոչ մէկ շանս ունի մանաւանդ օսմանեան պետութեան մէջ:

Տիրապետութեան ունայնամիտ եւ անիծեալ ոգին տեւականապէս պատճառ եղած է ժողովուրդներու դարաւոր ատելութեան ու թշնամութեան, ժողովուրդներու թշուառութեան ու արիւնին, մշտնջենաւորելով միմիայն բռնաւորներ ու բռնաւոր դասակարգերու գոյութիւնը:

Տիրապետութեան ամօթալի՜ ձգտումը, որ երէկ բռնապետներու նախատինքն էր եւ այսօր ժողովուրդի մը իրաւունքն ու պատիւը կը հռչակուի:

Ուրեմն ատելութենէ, քինախնդրութենէ եւ եղբայրատեաց պայքարէ խոնջ, պարտասած խաղաղութեան կարօտ դժբախտ ժողովուրդները դարձեալ կը հրաւիրուին նոր կռիւի, նոր զոհողութեանց, իրաւունքի ու ազատութեան նոր նուաճումներու:

Ո՞ւր է այս բոլորին իմաստութիւնը:

Ո՛չ, սահմանադրական երկրի մը մէջ չկայ ոչ մէկ գերիշխող ազգ եւ պէտք չէ գտնուի, ինչպէս ամէն քաղաքացի հաւասար է օրէնքի առջեւ, նոյնը եւ առաւելապէս իւրաքանչիւր ազգ հաւասարազօր է բնակակից ո՛ եւ է ուրիշ ցեղի մը հետ, ոչ աւելի, ոչ ալ պակաս:

Առանց այս սկզբունքին՝ երկիր մը չի կրնար ինքզինք սահմանադրական դաւանիլ եւ խաղաղ աշխատութեան նուիրել:

1-14 Նոյեմբեր 1908