image

«Թուրքիոյ մէջ հայերը ճնշուած են» Ամերիկացի քահանայ Էնտրու Պրանսըն

«Թուրքիոյ  մէջ  հայերը ճնշուած են» Ամերիկացի քահանայ Էնտրու Պրանսըն

Ամերիկացի քահանայ Էնտրու Պրանսընը, որ անազատութեան մէջ գտնուած է Թուրքիոյ մէջ, ելոյթով հանդէս գալով ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ, խօսած է Թուրքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակի մասին՝ նշելով, որ հայերը նոյնպէս կը զգան «Էրտողանի թշնամանքի լարուածութիւնը»: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: 


«Էրտողանի ռեժիմը յատկապէս թշնամական է. շատ թուրքերու համար կարեւորը իսլամններու անհատականութիւնն է: Այո՛, ես կը կարծեմ, որ փոքրամասնութիւնները, պատմականօրէն քրիստոնեայ խումբերը Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս հայերը կամ ուղղափառները, կը զգան լարուածութիւնը»,- ըսած է Պրանսընը:

Յիշեցնենք, որ հոգեւորականը շուրջ երեք տարի անազատութեան մէջ գտնուած է Թուրքիոյ մէջ, վերջինիս կը մեղադրէին քիւրտ զինուած խումբերու հետ կապեր ունենալու եւ իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլէնին աջակցելու մէջ, որուն Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը համարեն 2016 թուականի յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչ։ Պրանսընը ազատ արձակած են 2018 թուականի հոկտեմբերին: