Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը մերժած է Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմը գտնուող Աֆրին քաղաքի մէջ իրականացուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան մասին յայտարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ»ը:
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը հերքելով Եգիպտոսի յայտարարութեան մէջ նշուածը այն մասին, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը Աֆրինի բնակչութեան դէմ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտում է, պնդած է, որ նման յայտարարութիւնը անհիմն է, աւելցնելով, որ «Մեր երկիրը, կը գտնուի՝ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անոր քաղաքական միասնութիւնը պաշտպանող երկիրներու շարքին, որ նպաստեց այդ միասնութեան պաշտպանման` անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ տարած իր պայքարով», - ըսած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն:
Ան նաեւ հաստատած է, որ «Եգիպտոսէն կ'ակնկալուէր, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցելու փոխարէն, իսկական ջանքեր գործադրէր Սուրիոյ մէջ տիրող հակամարտութեան լուծման համար»:
Նշենք, որ Եգիպտոս իր յայտարարութեան մէջ դատապարտած էր «Սուրիական Աֆրինի հանդէպ Թուրքիոյ բռնատիրութիւնը» եւ «Սուրիոյ ինքնիշխանութեան հարուածող շարունակական խախտումները» անընդունելի համարած էր, նշելով, որ ան « կը յանգեցնէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ճգնաժամի վատթարացման եւ կը խաթարէ քաղաքական կարգաւորման ջանքերը»: