Թորոնթոյի համալսարանը (Univercity of Toronto) այսօր ապահովական նկատառումներով փակած է իր դռները: Համալսարանը իր կայքին վրայ հաղորդագրութիւն մը տարածելով պահանջած է ուսանողներէն արագօրէն լքել համալսարանի գլխաւոր շէնքերը: Ըստ The Globe And Mail կայքին աւելի ուշ հաղորդուած է, անծանօթ զինեալ մը երեւցած է համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքի անցքին մէջ: Նշենք, որ կիրակի լուսաբացին Ֆլորտիտայի Օրլանտո քաղաքին մէջ եղած ահաբեկչական յարձակումը բարձրագոյնի հասցուցած է գանատական գլխաւոր քաղաքներու ոստիկանութեան կանխազգուշութիւնը: