image

Թորոնթոյի համալսարանը ապահովական նկատառումներով փակած է իր դռները

Թորոնթոյի  համալսարանը ապահովական նկատառումներով փակած է իր դռները

Թորոնթոյի համալսարանը (Univercity of Toronto) այսօր ապահովական  նկատառումներով փակած է իր դռները: Համալսարանը իր կայքին վրայ  հաղորդագրութիւն մը տարածելով  պահանջած է    ուսանողներէն արագօրէն լքել համալսարանի  գլխաւոր շէնքերը:  Ըստ The Globe And Mail կայքին աւելի ուշ հաղորդուած է, անծանօթ  զինեալ մը երեւցած  է համալսարանի գլխաւոր  մասնաշէնքի  անցքին մէջ: Նշենք, որ   կիրակի լուսաբացին  Ֆլորտիտայի Օրլանտո  քաղաքին մէջ եղած  ահաբեկչական  յարձակումը  բարձրագոյնի հասցուցած է գանատական գլխաւոր քաղաքներու ոստիկանութեան   կանխազգուշութիւնը: