Անոր խօսքով՝ միակ բանը, որ կրնայ խանգարել ՀԱՊԿ-ին անդամակցութեան, կազմակերպութեան կանոնադրութեան որոշ կէտերն են, որոնք կ'ենթադրեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ մասնակից երկիրներու միջեւ, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այժմ նման յարաբերութիւններ չկան:
ՀԱՊԿ-ին Ատրպէյճանի անդամակցութեան հարցը կրնայ քննարկման առարկայ դառնալ, երբ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուին:
«Երբ որ այդ յարաբերութիւնները հաստատուին, իսկ մենք յոյս ունինք, որ վաղ թէ ուշ այդ տեղի կ'ունենայ, այդ ժամանակ հարցը հնարաւոր կ'ըլլայ դնել գործնական մակարդակի վրայ», – ըսած է Ռուտենքոն:
ՀԱՊԿ-ը միջազգային կազմակերպութիւն է, որ ստեղծուած է 1992 թուականին։ Անդամներն են Հայաստանը, Պելառուսը, Ղազախստանը, Ղրղզստանը, Ռուսաստանը եւ Տաճիկստանը։