image

Թրամբ կը պաշտպանէ Ճոնսընը

Թրամբ կը պաշտպանէ Ճոնսընը

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը վստահութիւ յայտնած է, որ Մեծ Բրիտանիոյ նորանշանակ վարչապետ Պորիս Ճոնսոն «ունի այն, ինչ հարկաւոր է Մեծ Բրիտանիոյ», եւ որ խորհրդարանին մէջ անոր անվստահութիւն յայտնելու փորձը պիտի ձախողի:

«Ճերըմի Քորպինի՝ Մեծ Բրիտանիոյ աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդին շատ դժուար պիտի ըլլայ նորանշանակ վարչապետ Ճոնսընի դէմ անվստահութեան քուէ ապահովել՝ յատկապէս հաշուի առնելով այն, որ Պորիսը այն է, ինչ կը փնտռէր Մեծ Բրիտանիան, եւ ան պիտի ապացուցէ, որ հրաշալի վարչապետ է»,-գրած է Թրամբը թուիթըրեան իր էջին:

Աւելի վաղ Պորիս Ճոնսընը յայտարարած էր, որ խորհրդարանը մինչեւ 14 հոկտեմբեր ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցնէ իր աշխատանքը, ինչը զգալիօրէն պիտի նուազեցնէ առիթները, որ պատգամաւորները ժամանակ ունենան խանգարելու ԵՄ-էն երկրի առանց համաձայնագրի դուրս գալը:

Ինչպէս կը յայտնէ՝ Մեծ Բրիտանիան պէտք է լքէ Եւրոմիութիւնը 31 հոկտեմբերին: Արձակուրդէն խորհրդարանականները պիտի վերադառնան 3 սեպտեմբերին, որմէ ետք անոնք ընդամէնը քանի մը օր պիտի ունենան ԵՄ-էն՝ Մեծ Բրիտանիոյ առանց համաձայնագրի դուրս գալուն խոչընդոտելու:

Երկրի խորհրդարանը դէմ է ԵՄ-ի հետ ներկայ տեսքով համաձայնագրին, բայց նաեւ կտրականապէս դէմ է առանց համաձայնագրի Brexit-ի գործընթացին: ԵՄ-ն կը հրաժարի վերսկսիլ բանակցութիւնները եւ վերանայիլ համաձայնագիրը: Ճոնսընը վերջերս յայտարարած էր, որ պատրաստ է այն բանին, որ բանակցութիւնները ԵՄ-ի հետ շարունակուին մինչեւ 31  հոկտեմբեր: