image

Ճգնաժամը պիտի շարունակուի. Ռուս փորձագէտին կարծիքը

Ճգնաժամը պիտի շարունակուի. Ռուս փորձագէտին կարծիքը

Ռուսաստանցի քաղաքական վերլուծաբան Մոտեսթ Քոլերովի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած ուժի՝ «Քաղաքացիական պայմանագրի» օգտին քուէարկած է ընտրացուցակներուն մէջ գրանցուած քաղաքացիներու մէկ չորրորդը միայն։ Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է՝ ճիշդ այդ ալ պայմանաւորած է Փաշինեանի յաղթանակը։

Անդրադառնալով հարցին, թէ դուրսէն ինչպէս կ'ընկալուի Փաշինեանի ղեկավարած Հայաստանը, վերլուծաբանը նշած է․ «Հայաստանը ղեկավարող Փաշինեանը շատ անկայուն քաղաքական գործիչ է։ Ան արդէն սորվեցուցած է արտասահմանցիներուն իր յայտարարութիւններուն սկեպտիկ (կասկածով) վերաբերիլ»,- նշած է ան։

Խօսելով արդէն ընտրութիւններէն ետք հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին՝ Մոտեսթ Քորելովը նշած է, որ անոնք չեն փոխուիր, քանի դեռ Հայաստանը չէ պահանջած, որ ռուսական ռազմակայանը դուրս գայ իր տարածքէն։

Պատասխանելով դիտարկման, թէ ինչպէս կը տեսնէ ՀՀ-ի մէջ քաղաքական ճգնաժամի լուծումը, Մոտեսթ Քորելովը նշած է․ «Ինչպէս կը տեսնենք՝ Փաշինեանն ստացած է խորհրդարանի մէջ սահմանադրական մեծամասնութիւն՝ նուազագոյն օրինականութեան պայմաններու մէջ։ Այնպէս որ, երկրին մէջ ճգնաժամը պիտի չլուծուի»,- ըսած է ան։

Յիշեցնենք, որ 20 Յունիսի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքներով նոր խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլայ երեք քաղաքական ուժ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիրը», «Հայաստան» դաշինքը եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը: «Պատիւ ունեմ» դաշինքը չէ յաղթահարած անցողիկ շեմը, եւ խորհրդարանի մէջ պիտի ըլլայ իրաւունքի ուժով: