Եգիպտոսի իշխանութիւնները Գահիրէի մէջ բրիտանական «The Times»ի լրագրող Պիլ Թրուն վտարած են (արտաքսած են) երկրէն, անոր եօթ ժամ ձերբակալելէ եւ՝ Եգիպտոսէն հեռանալու կամ ռազմական դատարան փոխանցուելու երկընտրանքի առաջ դնելէ ետք:
Այս մասին լուրը հաղորդող BBC-ին կը յայտնէ, որ Եգիպտոսի իշխանութիւնները Թրուն ձերբակալած են անցեալ փետրուարին, Գահիրէի Շապրա թաղամասին մէջ իր աշխատանքը կատարելու ժամանակ:
Թրու, երէկ «Times»ի մէջ գրած յօդուածին մէջ պատմած է իր ձերբակալութեան եւ արտաքսման մանրամասնութիւններու մասին, յոյս յայտնելով, որ Եգիպտոսի իշխանութիւններուն հետ թերթի բանակցութիւնները յաջող աւարտ կ'ունենան եւ ինք կը կարենայ վերադառնալ Եգիպտոս իր աշխատանքին, որ սկսած էր եօթ տարի առաջ: Ան ըսած է նաեւ, որ ինք չի գիտեր, թէ իր դէմ ինչ բնոյթի մեղադրանքներ առաջադրուած են:
Նշենք, որ Եգիպտոսի իշխանութիւնները անցեալ տարի 20 եգիպտացի լրագրող ձերբակալած էր: «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը իր տարեկան զեկոյցին մէջ Եգիպտոսը դասած էր «Լրագրողներու ամենամեծ բանտ» դասակարգման մէջ, ուր ան 180 երկիրներու շարքին գրաւած էր 161-րդ տեղը: