image

«The Times»ի լրագրողը Եգիպտոսէն դուրս դրուած է. Պատճա՞ռը

«The Times»ի լրագրողը Եգիպտոսէն դուրս դրուած է. Պատճա՞ռը

Եգիպտոսի իշխանութիւնները Գահիրէի մէջ բրիտանական «The Times»ի լրագրող Պիլ Թրուն վտարած են (արտաքսած են) երկրէն, անոր եօթ ժամ ձերբակալելէ եւ՝ Եգիպտոսէն հեռանալու կամ ռազմական դատարան փոխանցուելու երկընտրանքի առաջ դնելէ ետք:

Այս մասին լուրը հաղորդող BBC-ին կը յայտնէ, որ Եգիպտոսի իշխանութիւնները Թրուն ձերբակալած են անցեալ փետրուարին, Գահիրէի Շապրա թաղամասին մէջ իր աշխատանքը կատարելու ժամանակ:

Թրու, երէկ «Times»ի մէջ գրած յօդուածին մէջ պատմած է իր ձերբակալութեան եւ արտաքսման մանրամասնութիւններու մասին, յոյս յայտնելով, որ Եգիպտոսի իշխանութիւններուն հետ թերթի բանակցութիւնները յաջող աւարտ կ'ունենան եւ ինք կը կարենայ վերադառնալ Եգիպտոս իր աշխատանքին, որ սկսած էր եօթ տարի առաջ:  Ան ըսած է նաեւ, որ ինք չի գիտեր, թէ իր դէմ ինչ բնոյթի մեղադրանքներ  առաջադրուած են:

Նշենք, որ Եգիպտոսի իշխանութիւնները անցեալ տարի 20 եգիպտացի լրագրող ձերբակալած էր: «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը իր տարեկան զեկոյցին մէջ Եգիպտոսը դասած էր «Լրագրողներու ամենամեծ բանտ» դասակարգման մէջ, ուր ան 180 երկիրներու շարքին գրաւած էր 161-րդ տեղը: