Ո՛վ մատնուած Յիսուս,
Դուն որ փըշապատ գըլուխ մ'ունեցար՝
Գըթա՛ իմ գլխուս.-
Դերաներըդ զային քարկոծեցին յար
Եկեղեցիին սալաքարերով:
Վէրքերէս բըխող ըղեղըս կերան
Իշամեղուներն անբարըշտութեան:
Տե՛ս, մազերուս վրայ եղեամն է նըստեր.-
Ես շա՜տ եմ տանջուեր:
Տառապա՛ծ Յիսուս,
Դուն որ ունեցար արտասուող աչքեր՝
Գըթա՛ աչքերուս.-
Անոնք աւելը արտօ՛սր են քամեր,
Քան թէ խըմեր լոյս: Դագաղներուն վրայ
Միշտ մահն են հըսկեր մոմերու հետ շէջ,
Բիբերս են ինկեր վիշտի հորի՛ն մէջ:
Տե՛ս, կոպերուս վրայ աճիւն է ցանուեր.-
Ես շատ եմ տըքներ:
Ապտակուա՛ծ Յիսուս,
Դուն որ ունեցար ձեռքեր կալ ու կապ՝
Գըթա՛ ձեռքերուս.-
Ափերս են տաղեր պայտերով հրատապ,
Եւ մատուըներէս, ըստինքներու նման,
Արիւնս են կըթեր: Դաստերս ծաթած են
Կըրելէն երկաթ, հողը փորելէն:
Տե՛ս, եղունգներըս սիրտս են յօշոտեր.-
Ես շա՜տ եմ խոցուեր:
Թըքնըւա՛ծ Յիսուս,
Դուն որ ունեցար ձաղկըւած կողեր՝
Գըթա՛ կողերուս.
Անոնք աղբիւսի վըրայ են պառկեր՝
Եւ վիշտը քունէն ճանչցեր յաղթական.
Բուծաներ են միշտ գըրկած Մահը կոյր՝
Իրենց քաղցն անոր տալով կերակուր:
Տե՛ս, փողոցի շո՛ւն մ'է կողըս պատռեր.-
Շատ եմ հալածուեր:
Մահապա՛րտ Յիսուս,
Դուն որ բեւեռուած ոտքեր ունեցար՝
Գըթա՛ ոտքերուս.
Արիւն սըրսկելով թափառեցան յար
Աւերակներու եղիճներուն մէջ:
Զանոնք չըլըւաց ձեռք մը սիրական
Ո՛չ մէկ լականի մէջ ասպընջական:
Ոտնամատներէս կ'հոսին մոխիրներ.-
Ես շա՜տ եմ քալեր:
Ո՛վ խաչուած Յիսուս,
Դուն որ նիզակուած սիրտ մը ունեցար՝
Գըթա՛ սըրտիս յոյզ.
Օր մ'որ անոր մէջ բաբախեց աշխարհ՝
Յոյսին տեղ այսօր ոչի՛նչը կ'ապրի:
Սիրտըս սափոր մ'է, աճիւնս՝ անոր մէջ,
Զոր պիտի հովե՛րն առնեն մ'ահէս վերջ:
Տե՛ս, տե՛ս, սըրտիս վրայ դաշոյն մ'է խըրուեր.-
Ես շատ եմ սիրեր:
Դ. Վարուժան