Հակառակ անոր, որ Տարհայի եւ առհասարակ Սուրիոյ հարաւային շրջաններու վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները համարեա' բացառած են հարաւի ազատագրման համար մղուելիք պատերազմի հաւանականութիւը, սակայն Սուրիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր ուժերը տեղափոխել հարաւ, նկատի ունենալով, որ բանակցութիւնները տակաւին սկզբնական մակարդակի վրայ են, եւ ձախողութեան մատնուելու հաւանականութիւնը, յամենայն դէպս, առկայ է:
«Lebanon 24» լրատուական կայքի ձեռք բերած տեղեկութիւններուն համաձայն, ճգնաժամի լրիւ լուծման նախապայման առաջադրուած է իրանեան ուժերու հեռացումը Սուրիոյ հարաւէն, փոխարէնը Սուրիոյ կառավարութեան տրամադրել Յորդանանի հետ երկրի բոլոր սահմանակէտերը:
Միւս կողմէ այլ աղբիւրներ հաստատած են, որ մինչեւ այս պահը կողմերը ոչ մէկ համաձայնութեան հասած են, ու բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին:
Ըստ Իրանի, հարաւային շրջաններու ճգնաժամը կրնայ երկու լուծում ունենալ: Եթէ սուրիական ուժերուն յանձնուին բացառապէս սահմանային կէտերը, այդ պարագային տեղի զինեալ խմբաւորումներուն ինքնիշխանութիւն շնորհուած պիտի ըլլայ, իսկ եթէ Սուրիոյ բանակի իշխանութեան տակ անցնին նաեւ հարաւային շրջաններու քաղաքներն ու գիւղերը, այդ պարագային կարելի է ըսել, որ Դամասկոսի ակնկալած լուծման յանգած են կողմերը:
Իրանի կարծիքով, ոչ պակաս կարեւոր է նաեւ զինեալ խմբաւորումներուն յանձնելոք զինամթերքը: Եթէ վերջիններս ստիպուած պիտի ըլլան յանձնել միայն իրենց ծանր զէնքերը, անոնք կրնան իրենց գտնուած շրջաններուն մէջ թեթեւ զինամթերքով անվտանգութիւնը խախտող գործողութիւններ իրականացնել:
Ըստ տարածուած կարծիքներու, Իրան պիտի չյօժարի իր ուժերը հեռացնել սուրիական հողերէն մինչեւ ԱՄՆ իր ուժերը չհեռացնէ Ալ Թանֆ շրջանէն ու Դամասկոսի արուարձանէն: