image

Տ. Խորէն Սրբազան եւ Վարդգէս Մահտեսեան այցելած են «Գալայճեան հանգստեան տուն»

Տ.  Խորէն  Սրբազան  եւ Վարդգէս   Մահտեսեան այցելած    են  «Գալայճեան հանգստեան տուն»

Կիպրոսի թեմի   կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ  Տ. Խորէն  արք. Տողրամաճեան   եւ   Կիպրոսի հայոց պետական  ներկայացուցիչ  Տիար Վարդգէս Մահտեսեան   տօնական օրերու առթիւ  այցելութիւն տուած են  «Գալայճեան   հանգստեան տուն»: Այս  մասին   կը կարդանք    թեմի    դիմատետրի   էջին վրայ ուր մասնաւորապէս   գրուած  է,  թէ շաբաթ, 23 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։00ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի Պետական Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան եւ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան, պաշտօնական այցելեցութիւն մը տուին Գալայճեան Հանգստեան Տուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնական օրերու առիթով:

Զրուցելէ եւ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք տարեցներուն եւ պատասխանատուներուն հետ, ներկայութեամբ խնամակալութեան, տնօրէնութեան ու անձնակազմին, կատարուեցաւ տարիներու սովորութեան համաձայն Նոր Տարուան գաթայի «Վասիլոբիթա» կտրում եւ Առաջնորդարանի ու Պետական Ներկայացուցչի նուէրներու բաշխումը, ձեռամբ՝ Սրբազան Հօր, Տէր Հօր, Տէր եւ Տիկին Վարդգէս եւ Մակի Մահտեսեաններու:

Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք, Պրն. Մահտեսեանն ու Սրբազան Հայրը իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին: Ապա, անոնք այցելեցին այն տարեցներուն սենեակները, որոնք առողջական պատճառով ներկայ չէին եղած սրահէն ներս տեղի ունեցած հաւաքին: Զրուցելէ ու բարեմաղթութիւններ կատարելէ վերջ, յանձնեցին նաեւ անոնց նուէրները:

«Պահպանիչ»ով, վերստին հանդիպելու եւ լաւագոյն մաղթանքներով, իր աւարտին հասաւ պաշտօնական օրինակելի այս այցելութիւնը: Անկէ ետք, անոնք մեկնեցան բանտ, ուր այցելեցին հայ բանտարկեալներուն: