image

Սուրիոյ տնտեսութիւնը կը վերականգնուի

Սուրիոյ տնտեսութիւնը կը վերականգնուի

Սուրիական կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է ութ հազար ապրանքի եւ սպառողական նիւթի գիներու նուազեցման, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Որոշումը, որ ստորագրուած է Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարարին կողմէ, կը նախատեսէ որոշ ապրանքներու արժէքի մինչեւ կէսը հասնող նուազեցումը, որ նպատակ ունի պատերազմի հետեւանքով քաղաքացիներուն կրած նիւթական ծանր վնասները վերականգնել:

Ըստ սուրիացի տնտեսական վերլուծաբան Շատի Ահմատի, նման քայլ ապացոյց է, որ Սուրիոյ տնտեսութիւնն արդէն կը վերականգնուի, սակայն այնուամենայնիւ, երկրի տնտեսութեան ամբողջական վեէականգնման ու հաւասարակշռման համար տակաւին ժամանակ պէտք է: Շատի Ահմատի կարծիքով, յիշեալ որոշումը ճիշդ սկիզբ կը համրուի Սուրիոյ քաղաքացիի եկամուտին ու առեւտրականներու շահին միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու համար:

Վերլուծաբանին կարծիքով, գնման գործընթացի աշխուժացումը կապուած է ոչ թէ տոլատի փոխարժէքի նուազման, այլ ապրանքի գինի իջեցման հետ, եւ այն չի կրնար վերականգնուիլ, մինչեւ Սուրիոյ արդիւնաբերական ոլորտը վերստին չծաղկի: