Դամասկոսի Արդարադատութեան պալատի պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Դամասկոսի մէջ օրական 500-1000 անչափահաս պատանիներու արտերկիր մեկնելու արտօնութեան հարցը կը քննարկուի, ընդ որում ամուսնութեան գործարքներու 50 առ հարիւրը արտերկիր գտնուող քաղաքացիներու կը վերաբերի:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքը, վկայակոչելով Դամասկոսի Օրենսդրական դատարանի առաջին դատաւոր Մահմուտ Ալ Մհարաուիի խօսքերը, նշած է, թէ անչափահասներու երկիրը լքելու գործարքները կը վերաբերին արտերկրի մէջ ծնողներ ունեցող պատանիներուն, որոնք կը պատրաստուին միանալ մասնաւորապէս Գերմանիա, Լիբանան, Թուրքիա եւ Հոլանտա գտնուող իրենց ծնողներուն:
Ալ Մհարաուի յայտնած է նաեւ, որ լիազօրագիրներու հիման վրայ ամուսնացողներու թիւը նոյնպէս շատ բարձր է այն պատճառով, որ յաճախ ամուսնացող կողմերէն մէկը հետախուզման մէջ գտնուելու պատճառով հնարաւորութիւն չ'ունենար երկիր մուտք գործելու:
Նշենք, որ ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, շուրջ 11 միլիոն սուրիացի պատերազմի պատճառով լքած է իր տունը, որոնցմէ մօտ 6 միլիոնը արտերկիր կը գտնուի: