image
Հրատապ լուրեր:

Բացառուած է, որ Իրան կամ «Հըզպալլա» Սուրիայէն հեռանան. Պուսայնա Շահպան

Բացառուած է, որ Իրան կամ «Հըզպալլա» Սուրիայէն հեռանան. Պուսայնա Շահպան

Լիբանանեան «Ալ-Մայատին» հեռատեսիլային կայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, Սուրիոյ նախագահի յատուկ հարցերով խորհրդական՝ Պուսայնա  Շահպան ըսած է, որ Իրանը կամ «Հըզպալլա»-ն Սուրիայէն հեռացնելը բացառուած է, կը յայտնէ almasdarnews.com լրատուական գործակալութիւնը:

Շահպան նշած է, որ Սուրիան երբեք չի ոտնահարեր իր ինքնիշխանութիւնը, շեշտելով, որ ոչ ոք պաշտօնական Դամասկոսի փոխարէն կրնայ որոշել, թէ ինչպիսի յարաբերութիւններ պիտի ունենայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան եւ պաղեստինեան դիմադրութեան ուժերուն հետ:

«Դամասկոսի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները արդար են եւ հիմնուած են յարգանքի վրայ, հետեւաբար Ռուսաստանը չի կրնար Դամասկոսէն խնդրել վտարել Իրանը կամ «Հըզպալլա»ն իր հողերէն, քանի որ այդ բացառուած է: Ռուսաստանն ու Չինաստանը կը յարգեն իրենց դաշնակիցները» - ըսած է Շահպան:

Իրան նախապէս յայտարարած էր, որ իր զօրքերը Սուրիա կը գտուին երկրի իշխանութիւններու խնդրանքով, եւ որ անոնք կը մնան այնտեղ մինչեւ պաշտօնական Դամասկոսը զօրքերը դուրս հանելու խնդրանք ընէ: Ինչ կը վերաբերի «Հըզպալլա» -ին, անցեալ տարի լուրեր տարածուած էին զօրքերը Սուրիոյ տարածքէն հանելու վերաբերեալ, սակայն ըստ երեւոյթին այդ չէր համապատասխաներ իրականութեան՝ քանի որ լիբանանեան խմբաւորումը ամուր յարաբերութիւններու մէջ է Սուրիական իշխանութիւններուն հետ: