image

Սուրիայէն ահազանգ. «Քորոնա»ի թիւերը կը բարձրանան

Սուրիայէն   ահազանգ.  «Քորոնա»ի թիւերը կը բարձրանան

 

Երկրին  մէջ  համավարակի վիճակը կրնայ  բարդանալ, տրուած ըլլալով, որ  Սուրիան կը գտնուի  տնտեսական պաշարման  օղակի մը մէջ։

Սուրիոյ     թեմաներով   գրող մէկէ  աւելի  աղբիւրներ այս  օրերուն ահազանգ կը հնչեցնեն    յայտարարելով, որ երկրին մէջ  սկսած է  մեծապէս  աճիլ «Քորոնա»ով  վարակուածներու   թիւը։

Իր կարգին  երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը, որ  խնդրին մասին հանդէս եկած է  յատուկ  յայտարարութեամբ նշած է, որ    իրենց  համար  ամենաէական  հարցը    «Քորոնա»ի  դէմ պայքարի   շրջանակներուն մէջ    դրուած օրէնքներուն   պաշտպանումն է,   կոչ  ընելով քաղաքացիներուն, որ յարգեն դիմակ կրելու, մաքրութեան նորմերը  պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ ընկերային  հեռաւորութեան  կարեւոր կանոնները։

Նոյն  աղբիւրը, որ խօսած է  «Սանա»  գործակալութեան նկատել տուած է, որ  երկրին  մէջ  համավարակի վիճակը կրնայ  բարդանալ, տրուած ըլլալով, որ Սուրիան կը գտնուի  տնտեսական պաշարման  օղակի մը մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ  երկրին մէջ   արհեստական շնչառութեան     սարքերու լուրջ  պակաս   մը կայ ու նաեւ   9 տարուան  պատերազմի հետեւանքով բարդ  դրութեան մէջ   յայտնուած  հիւանդանոցները   կրնան    տագնապ  ապրիլ, եթէ  հիւանդներու  թիւերը   շարունակեն  արագ   աճ  գրանցել։

 Նշենք, որ պաշտօնական վերջին տուեալներուն համաձայն  Սուրիոյ  մէջ   վարակակիրներու թիւը հասած է  780-ի, իսկ   զոհերունը ՝ 46-ի։