image

Սուրիական թղթոսկիին մասին լաւ լուրեր

Սուրիական թղթոսկիին մասին լաւ լուրեր

Սուրիոյ նախագահ Ասատի եւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի միջեւ կայացած հանդիպումը իր դրական ազդեցութիւնն ունեցած է սուրիական լիրայի փոխարժէինք վրայ, կը գրէ «RT» լրատուական կայքը:

Հանդիպումէն ետք ԱՄՆ տոլարի արժէքն սկսած է աւելի մեծ անկում ապրիլ սուրիական լիրային դիմաց, հասնելով մինչեւ 458 լիրայի՝ սեւ շուկային մէջ, իսկ մայրաքաղաք Դամասկոսի շուկային մէջ տոլարի վաճառքի գինը հասած է 462 լիրայի: