image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիա-Թուրքիա բախում պիտի չըլլայ. Ամերիկացի վերլուծաբան

Սուրիա-Թուրքիա բախում պիտի չըլլայ. Ամերիկացի վերլուծաբան

«Washington Examiner» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Սուրիոյ բանակի Աֆրին մտնելու շուրջ ստեղծուած տարաձայնութիւնը:

Յօդուածագիր Թոմ Ռոկըն դիտել տուած է, որ Ասատ ինք իր շահերէն ելլելով է, որ օգնութեան ձեռք կը մեկնէ քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն:

Ռոկընի կարծիքով, հակառակ Ասատի կողմէ քիւրտերուն տրամադրուած օժանդակութեան, սակայն փոխարէնը քանի մը հեռանկար ունի ան:

Ասատի ցանկութիւններէն մէկը կը կայանայ առաւել մեծ տարածութեամբ սուրիական հողեր ազատագրելու, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրները Իտլիպի մէջ կեդրոնացնելու մէջ:

Յօդուածագիրը համոզմունք յայտնած է, որ Ասատի հիմնական նպատակը ոչ թէ քիւրտերուն աջակցութիւն ցուցաբերելն է, այլ վերջիններս սուրիական բանակի եւ թրքական ուժերուն կողմէ շրջափակելն ու անոնց տիրապետութեան տակ գտնուող սուրիական հողերը ազատագրելն է, որովհետեւ քիւրտերը միաժամանակ Սուրիոյ բանակին եւ թրքական ուժերուն դէմ պայքարելու համար բաւարար ուժ չունին, հետեւաբար պիտի յանձնուին ու ընդունին իրենց պարտադրուած պայմանները:

Ինչ կը վերաբերի ընդդիմադիրները Իտլիպի մէջ կեդրոնացնելու հեռանկարին, յօդուածագիրը նշած է, որ Ասատ նման քայլով կը միտի ընդդիմադիրներու դիմաց փակել Թուրքիոյ ճանապարհը եւ զրկել զանոնք այնտեղէն հասնող օժանդակութենէն:

Յօդուածագորը համոզուած է, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ պատերազմ չի կրնար բռնկիլ, որովհետեւ երկու երկիրներու ղեկավարներն ալ Փութինին պիտի ընդառաջեն, իսկ վերջինս պիտի ձգտի պահպանել Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ եղած դաշինքն ու սուրիական հողերէն դուրս մղել ամերիկեան ուժերը:

«Յստակ է, որ քրտական ուժերն ու ընդդիմութիւնն են, որոնք պիտի կրեն խոշորագոյն վնասը ի վերջոյ»,- եզրափակած է յօդուածագիրը: