image
Հրատապ լուրեր:

Իրան յաջողած է լուծել շարք մը հարցեր Քաթարի եւ Փաքիստանի շնորհիւ. Արաքչի

Իրան յաջողած է լուծել շարք մը հարցեր Քաթարի եւ Փաքիստանի շնորհիւ. Արաքչի

Թեհրանի վերաբերեալ Զուիցերիոյ Պիւրկենշթոք բնակավայրին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու ընթացքին, Քաթարի եւ Փաքիստանի շնորհիւ կարելի եղած է համաձայնութեան գալ շարք մը հարցերու լուծումներու շուրջ, ներառեալ՝ նաւթի արտահանման եւ Իրանի սառեցուած միջոցներու ապասառեցման վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին։

«Փաքիստանի եւ Քաթարի անխոնջ միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է զգալի առաջընթաց արձանագրել Լիբանանի մէջ պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ։ Վերացուած են նաւթի եւ նաւթաքիմիական արտադրանքներու արտահանման մաքսատուրքերը, վերացուած է շրջափակումը, ապասառեցուած են որոշ սառեցուած միջոցեր, ինչպէս նաեւ մեկնարկած է Իրանի վերականգնման եւ զարգացման լայնածաւալ ծրագիր մը»,– գրած է Արաքչին։