image

Թոքմաքճեան ամոլէն իշխանավայել նուիրատուութիւն՝ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգութեան

Թոքմաքճեան ամոլէն իշխանավայել նուիրատուութիւն՝  Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգութեան

Եկեղեցւոյ նկատմամբ սէրը եւ համայնքային պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը անգամ մը եւս իրենց գեղեցիկ արտայայտութիւնը գտան ազնիւ նուիրատուութեան մը միջոցով։ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեաններու կատարած առատաձեռն նուիրատուութիւնը կու գայ նոր շունչ տալու Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն եւ ամրապնդելու հաւատացեալ ժողովուրդին կապը իր հոգեւոր տան հետ։

Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընտանիքը անհուն ուրախութեամբ կը յայտնէ սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեաններ, ազնիւ եւ օրինակելի եկեղեցասիրութեամբ, կատարած են 500,000 գանատական տոլարի իշխանավայել նուիրատուութիւն՝ ի նպաստ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն։

Մեծասիրտ եւ առատաձեռն այս նուիրատուութիւնը գեղեցիկ արտայայտութիւն մըն է հաւատքի, նուիրումի եւ համայնքային պատասխանատուութեան։ Ան միաժամանակ խօսուն վկայութիւն մըն է այն սիրոյն, հաւատարմութեան եւ խոր կապուածութեան, զոր մեր ժողովուրդի զաւակները կը տածեն իրենց սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ։

Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով՝ խորին երախտագիտութիւն կը յայտնուի Թոքմաքճեան ազնիւ ամոլին։ Աղօթք կը բարձրացուի առ Ամենակալ Տէրը, որպէսզի առատապէս օրհնէ զիրենք եւ իրենց ընտանիքը՝ պարգեւելով քաջառողջութիւն, խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն եւ երկար տարիներ։