Սուրիոյ մօտ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները կոչ ուղղած են Սուրիոյ ամբողջ տարածքին պատերազմական գործողութիւններու մէկամսեայ ժամկէտով դադրեցման, որպէսզի թոյլ տրուի մարդասիրական օգնութիւններու տեղափոխման ու թէժ շրջաններէն հիւանդներու եւ վիրաւորներու դուրս բերման:
«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, ՄԱԿ-ի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակներու ներկայացուցիչները Սուրիոյ իրավիճակը որակած են որպէս անելանելի:
Համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ՄԱԿ-ը կը զգուշացնէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ճգնաժամի սաստկացման ոչ բարեհաճ արդիւնքներէն: