image

Ընթերցումներս. Անհամասեռութիւն (4). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Անհամասեռութիւն (4). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս (61)

Անհամասեռութիւն (4)

  1. Անուանական  անհամասեռութիւն (ա)

Անուանական անհամասեռութիւնը կ’ընդգրկէ  խօսքիմասային ոչ-բայական  շերտը՝ գոյականը, ածականը, թուականը, դերանունը, մակբայը, որեւէ բառ: 

Օրինակներ՝

-- Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնութիւնն է, արդարութ-եան հաստատումը եւ օրէնքի  հաւասարութեան գործադրումը:

Այս նախադասութեան պայմանը ենթական ունի երեք ստորոգելիներ, որոնց երեքն ալ բայանուն են, բայց ահա ասոնց առաջինը կը կրէ -ութիւն վերջածանցը, միւս երկուքը -ում վերջածանցը, ինչ որ ոճականօրէն խոցելի կը դարձնէ ընդհանուր կառոյցը՝ չհաշուած իմաստային նուրբ անհամապատասխանութիւնը, որ կը յառաջանայ այս երկու տարբեր ածանցներէն: 

Պէտք է ունենայինք՝ 

--Յաջորդ պայմանը բարեկարգումներու նախաձեռնումն է, արդարութեան հաստատումը եւ օրէնքի  հաւասարութեան գործադրումը:

Նաեւ՝ 

***Վնասուած են 103  ոստիկանութեան  եւ 207 սեփական ինքնաշարժներ:

Ուր ինքնաշարժ գոյականը իբրեւ լրացում ունի նախ՝ սեռական հոլով  գոյական մը, ապա ածական մը:  Սրբագրենք զայն՝

---Վնասուած են 103 ոստիկանական եւ 207 սեփական ինքնաշարժներ:

*** Անոնք հոգացին որբերուն առողջական  եւ սնունդի կարիքները:

---Անոնք հոգացին որբերուն  առողջական  եւ սննդական  կարիքները:

***Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորներու թաղերուն մէջ (Պերճուհի Բարսեղեան, «Խանձուած օրեր», էջ 136):

---Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ արհեստաւորական թաղերուն մէջ:

Ծանօթ. Այս վերջինին սրբագրումը խորքին մէջ ձեւական է, եւ նախադասութեան յղացքը  ոճաբանօրէն կը մնայ խոցելի. ինչո՞ւ:

Որովհետեւ ձկնորս-ը կ’անուանէ ծանօթ արհեստ կիրարկող  մը, մինչդեռ արհեստաւոր-ը որեւէ ծանօթ՝ մասնաւոր արհեստ  կիրակողի  անուն չէ:

Բերուած սխալ օրինակը կարելի է սրբագրել հետեւեալ կառոյցով.

---Իրար անցեր էին մասնաւորաբար ձկնորսական եւ  արհեստաւորական այլ թաղերու մէջ:

*** Ցուցարարները կը վստահեցնէին, թէ տեղի ունեցողը  ոչ թէ  կուսակցութիւններու, այլ քաղաքացիական պայքար է:

---Ցուցարարները կը վստահեցնէին, թէ տեղի ոնւեցողը ոչ թէ կուսակցական, այլ քաղաքացիական պայքար է: 

                                                    *    *    *

Շատ տարածուած է անհամասեռութեան այն տեսակը, ուր բազմակի անդամներէն մէկը  բայանուն է, միւսը անորոշ դերբայ:

Օրինակ՝ 

***Բախումները առիթ հանդիսացան  վերստին քննարկումի եւ նոր գնահատական ընելու  հանրային կեանքի բոլոր  երեսներուն:

Ուր ունինք քննարկումի բայանունը եւ  ընելու դերբայը:  Միւս կողմէ՝ վերստին մակբայը իբրեւ որոշիչ տրուած է  քննարկումի գոյականին, ինչ որ մերժելի կացութիւն մըն  է:  Այս բոլորը կը սրբագրենք հետեւեալ ձեւով.

---Բախումները առիթ հանդիսացան վերստին քննարկելու հանրային կեանքի բոլոր երեսները եւ ընելու անոնց գնահատականը:

***Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրութիւններու քննադատութիւններուն եւ միջամուխ ըլլալուն:

---Առիթ կ’ընծայեն օտար տէրոթիւններու քննադատութեան եւ միջամտութեան

***Թուրքիոյ ձեւական  դիմափոխութիւնը եւ պատերազմ յայտարարելը... ոչ մէկուն կրնայ խաբել:

---Թուրքիոյ ձեւական դիմափոխութիւնն ու պատերազմի յայտարարու-թիւնը  ոչ մէկը կրնայ խաբել:

*** Այս ողբերգութիւնը կը մատնէ աշխարհի տէրերուն կեղծաւորութիւնը, խաբեպատիր ըլլալը եւ երեսանցութիւնը:

---Այս ողբերգութիւնը կը մատնէ աշխարհի տէրերուն կեղծաւորութիւնը,  խաբեբայութիւնն   ու երեսանցութիւնը:

                                                           *   *   *

Հետեւեալներուն անհամասեռութիւնը հոլովական անմիօրինակութիւնն է.

***Իշխանական խաւը կը կարօտի ինքնամաքրման եւ լեզուական մաքրա-զըտումի:

---Իշխանական խաւը կը կարօտի ինքնամաքրման (կամ՝ ինքնամաքրումի) եւ լեզուական մաքրազտման (կամ՝ մաքրազտումի):

*** Մեր դրացիները նպաստած են  բարեկամական կապերու  հաստատման եւ զարգացումին:

---Մեր դրացիները նպաստած են բարեկամական կապերու հաստատման (կամ՝ հաստատումին) եւ զարգացման (կամ՝ զարգացումին):

                                                           *   *   *

Հետեւեալներուն անհամասեռութիւնը լրացումներու այլազանութիւնն է.

*** Այդ ձեւակերպումները հետագային հիմք  կը դառնան աւելի կարեւոր  եւ ուժ ունեցող փաստաթուղթերու:  

---Այդ ձեւակերպումները հետագային հիմք կը դառնան աւելի կարեւոր  եւ ուժեղ փաստաթուղթերու

***Որքա՜ն  լաւ ու խորապէս  կը հասկնամ ձեզ (Վահէ-Վահեան, «Նամականի»,  էջ 391):

---Որքան լաւ ու խոր կը հասկնամ ձեզ:

Ծանծաղ  է ըսել՝ լաւապէս ու խորապէս կը հասկնամ ձեզ...:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com