Մենք ուշադրութիւն չենք դարձներ ամերիկեան սպառնալիքներուն․ անոնք աւելի լաւ է զգոյշ ըլլան իրենց յայտարարութիւններուն մէջ։ Այս մասին ըսած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմատ Պաքէր Ղալիպաֆը։
«Մեր զինուած ուժերը պատրաստ են անոնց այլ կերպ պատասխան տալու»,– ըսած է ան։
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած էր Իրանին հետագայ հարուածներով, եթէ Թեհրան չվերահսկէ Լիբանանի մէջ գործող իրանամէտ խմբաւորումները։