image

Քուէատուփէն Ետք. Հայաստանի Ընտրութիւնը

Քուէատուփէն Ետք. Հայաստանի Ընտրութիւնը

Վերահաշուարկներու աւարտէն, արձանագրուած անճշտութիւններու վերանայումէն եւ անհրաժեշտ ճշգրտումներէն ետք, Հայաստանի 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները հասած են իրենց քաղաքական եզրակացութեան։ Թիւերը որոշ չափով փոխուեցան։ Որոշ ուժեր քուէ շահեցան, ուրիշներ՝ կորսնցուցին։ Սակայն ընդարձակ վերանայումներէ ետք ընտրող ժողովուրդին տուած ընդհանուր վճիռը մնաց անփոփոխ։

Քաղաքացիները իրենց խօսքը ըսին։

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը պահպանեց ընտրողներու վստահութիւնը եւ ապահովեց կառավարող մեծամասնութիւն մը, ներառեալ խորհրդարանի երեք-հինգերորդ մեծամասնութիւնը։ Ընդդիմութիւնը, հակառակ ամիսներ տեւած վստահ կանխատեսումներուն, կառավարութեան անխուսափելի պարտութեան եւ մօտալուտ յաղթանակի մասին հնչեցուած հաւաստիացումներուն, չկրցաւ համոզել ընտրողներու մեծամասնութիւնը, թէ ինք կը ներկայացնէր աւելի նախընտրելի այլընտրանք մը։

Ամէն ընտրութիւն ունի իր յաղթողները եւ պարտուողները։ Այս ընտրութիւններուն յաղթողները միայն քաղաքական կուսակցութիւններ չէին, այլ նաեւ որոշ գաղափարներ՝ խաղաղութիւնը, պետականաշինութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդումը։

Թէեւ դժուար ու անկատար, շատ քաղաքացիներ ընտրեցին գոյութիւն ունեցող Հայաստանը բարելաւելու ճանապարհը՝ անվերջ դիմակայութեան վրայ խաղաղութիւնը, կախուածութեան վրայ ինքնիշխանութիւնը եւ անցեալը վերակենդանացնելու խոստումներուն փոխարէն Հանրապետութեան ամրապնդումը։

Այս իմաստով կարելի է պնդել, որ ընտրութիւններուն աւելի լայն իմաստով յաղթողները խաղաղութիւնն էին եւ «Իրական Հայաստանի» գաղափարը՝ Հայաստան մը, որ կը բնորոշուի ինքնիշխանութեամբ, հաստատութիւններով, զարգացումով, բազմակողմանի ռազմավարական գործընկերութիւններով եւ պետութեան երկարաժամկէտ հզօրացմամբ։

Ընտրութիւնները նաեւ հարուած հասցուցին օլիգարխական քաղաքականութեան, վախի վրայ հիմնուած քարոզչութեան եւ այն համոզումին, թէ ընտրողները կարելի է գնել, ահաբեկել կամ վերադարձնել քաղաքական այն մօտեցումներուն, որոնք շատեր արդէն կը համարէին անցեալի մաս։ Հայ ընտրողը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ կրնայ տարբերել հռետորաբանութիւնը իրականութենէն։

Հայաստանի սահմաններէն անդին եւս ընտրութիւններու արդիւնքները մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան։ Բազմաթիւ միջազգային գործընկերներ ընդունեցին զանոնք գոհունակութեամբ՝ Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման, արտաքին կապերու բազմազանեցման եւ աշխարհին հանդէպ բացուելու ընթացքը նկատելով որպէս երկրի կայունութեան եւ ինքնիշխանութեան ամրապնդման գործօններ։ Շնորհաւորականներ հնչեցին տարբեր պետութիւններէ եւ միջազգային դերակատարներէ, փաստելով, որ Հայաստանի ժողովրդավարական ընթացքն ու ինքնիշխան ընտրութիւնները շատ աւելի լայն նշանակութիւն ունին, քան իր սահմանները։

Վերջին տարիներուն Հայաստանը փորձած է յաղթահարել այն երեւոյթներէն շատերը, որոնք երկար ժամանակ կը բնորոշէին յետխորհրդային քաղաքական մշակոյթը՝ կաշառակերութիւն, օլիգարխական արտօնութիւններ, քաղաքական ճնշումներ եւ արտաքին կեդրոններու նկատմամբ չափազանց կախուածութիւն։ 2026-ի ընտրութիւնները կը թելադրեն, որ ընտրողներու զգալի մասը կ՛ուզէ շարունակել այդ ուղին։

Արդիւնքները նաեւ բացայայտեցին ընդդիմութեան աւելի լայն թուլութիւն մը։ Քարոզարշաւին մեծ մասը կեդրոնացած էր կառավարութիւնը թիրախաւորելու, ազգային աղէտ կանխատեսելու եւ գործող իշխանութեան պարտութիւնը ինքնանպատակ ներկայացնելու վրայ։ Շատ աւելի քիչ ուշադրութիւն դարձուեցաւ իրատեսական կառավարման տեսլական կամ Հայաստանի ապագային համար վստահելի այլընտրանք ներկայացնելու։ Կառավարութեան ընդդիմանալը եւ կառավարելու պատրաստ ըլլալը միշտ նոյն բանը չեն, եւ շատ ընտրողներ կարծես գիտակցեցան այդ տարբերութեան։

Սակայն ընտրութիւնները միայն չեն որոշեր, թէ ո՛վ պիտի կառավարէ։ Անոնք նաեւ կը որոշեն, թէ ո՛վ պիտի ընդդիմանայ։ Ժողովրդավարական հանրապետութիւնը կարիքը ունի ոչ միայն պատասխանատու կառավարութեան, այլեւ պատասխանատու ընդդիմութեան։ Կառավարող ուժին վրայ այժմ կը ծանրանայ իր խոստումները գործի վերածելու պատասխանատուութիւնը։ Ընդդիմութեան ալ կը տրուի հնարաւորութիւն եւ պարտաւորութիւն՝ վերահսկելու, այլընտրանքներ առաջարկելու եւ Հանրապետութեան շահերը վեր դասելու կուսակցական հաշիւներէ։

Ի վերջոյ, 2026-ի ընտրութիւնները պարզապէս իշխանութեան համար մրցակցութիւն չէին։ Անոնք հանրաքուէ մը էին Հայաստանի ապագային վերաբերող տարբեր պատկերացումներու միջեւ։ Շատ ընտրողներ կարծես ընտրեցին խաղաղութեան, ինքնիշխանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդման վրայ հիմնուած ուղի մը։ Ընտրողները նաեւ մերժեցին այն պատկերացումը, թէ դրամը, վախը, անցեալի նկատմամբ կարօտը կամ մշտական առճակատումը բաւարար են քաղաքական լեգիտիմութիւն ապահովելու համար։

Քուէները հաշուուած են։ Անճշտութիւնները վերանայուած ու ճշգրտուած են։ Ընդհանուր քաղաքական պատկերը յստակ է եւ անփոփոխ։ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները չափազանց մեծ են անվերջ քաղաքական պատերազմներու համար։ Ժամանակը հասած է ոչ թէ ընտրութիւնները անվերջ վերաքննելու, այլ պատասխանատու կերպով կառավարելու, պատասխանատու կերպով ընդդիմանալու եւ աւելի հզօր Հանրապետութիւն կառուցելու աշխատանքը շարունակելու։


 

Անդրանիկ Աշճեան

(Կիպրոս)